2013-09-16 12:19:27

Ժընեւի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն` Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Հարցին Շուրջ. «Սուրիական Վարչակարգին Դէմ Ուժի Օգտագործման Սպառնալիքը Տակաւին Առկայ Է» Ըսաւ Քերր


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ շարունակուող տագնապը դրացի երկիրներուն վրայ շատ մեծ ազդեցութիւն ունի` աւելցնելով, որ «զանգուածային քանդումի զէնքի օգտագործումը պատերազմական ոճիր է եւ միջազգային ընտանիքին դէմ ուղղուած սպառնալիք մը»:
Խօսելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու հարցին շուրջ իր գոյացուցած համաձայնութեան մասին` Քերրի ըսաւ, որ «այն, որուն շուրջ Ժընեւի մէջ համաձայնութիւն գոյացուցինք, շրջագիծն է համաձայնութեան մը, որ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ գործադրութեան հանգրուան պէտք է մուտք գործէ»:
Քերրի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին դէմ բռնի ուժի օգտագործման սպառնալիքը տակաւին առկայ է»` աւելցնելով, որ «դիւանագիտութիւնը միշտ ալ Միացեալ Նահանգներու համար լաւագոյն միջոցը եղած է, եւ նախագահ Պարաք Օպամա յստակ էր, երբ ըսաւ, որ ուժի օգտագործման սպառնալիքը տակաւին առկայ է»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ռուսիա համաձայն գտնուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի որեւէ օգտագործում 7-րդ յօդուածին տակ կը մտնէ»` աւելցնելով, որ «քիմիական զէնքերը քանդելը տագնապը պիտի չլուծէ, սակայն քայլ մը դէպի յառաջ է»: «Սուրիական ընդդիմութեան մեր աջակցութիւնը պիտի շարունակուի», ըսաւ ան:
Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ «արարքները միայն եւ ոչ թէ խօսքերը Սուրիոյ քիմիական զէնքերու վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան արդիւնքը պիտի ճշդեն»:







All the contents on this site are copyrighted ©.